2014-04-17 10:40:44

Ոտնլուայի արարողութիւնը` Ֆրանչիսկոս Պապը 12 անկարներու ոտքերը կը լուայ։


Հինգաբթի, ապրիլ 17-ի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի` Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնը, ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնն ու սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։ Արարողութեան կը մասնակցին կեդրոնի մէջ ապրող անկարները, անոնց ընտանեկան պարագաները եւ կեդրոնի հիւանդապահներն ու պատասխանատու անձնակազմը։
Յայտնենք որ Արժանթինի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Պերկոլիօ, սովորութիւն ունէր վերոյիշեալ արարողութիւնը կատարել հիւանդանոցներու մէջ, աղքատներու եւ չքաւորներու մասնակցութեամբ։ Արդարեւ անցեալ տարի եւս, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզած էր աւագ հինգշաբթի օրուայ արարողութիւնը կատարել Հռոմի ''Քազալ Տէլ Մարմօ'' անչափահասներու բանտին մէջ, լուալով 12 բանտարկեալնրու ոտքերը։
''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' բարեգործական հաստատութիւնը, ներկայիս Իտալիոյ մէջ օգնութեան կը հասնի եւ կը խնամէ աւելի քան երեք հազար անկարներ։ Իսկ հիմնարկի Հռոմի ''Նախախնամութեան Տիրամօր'' կեդրոնը հիմնուած է 2003-ին ու անոր պաշտօնական գործունէութիւնը սկսած է 2004-ին։ Այս տարի կը նշուի գործունէութեան 10-րդ տարեդարձը։ Անոր առաքելութիւնն է օգնութեան հասնիլ եւ հոգ տանիլ չքաւորներուն։ Կեդնորը ունի 150 անկողին յատկացուած բժշկական խնամատարութեան։ Նշենք թէ յառաջիկայ 25 հոկտեմբեր 2014-ին պիտի յիշատակուի վերոյիշեալ հիմնարկի հիմնադիր` Տոն Նիոքքիի երանացման 5-րդ տարեդարձը։ Իտալացի քահանայ` Տոն Նիոքքին իր հովուական առաքելութիւնը նուիրած է եղբայրսիրութեան, ծառայելով յատկապէս մանուկներուն եւ անկարներուն։
Տիրոջ վերջին ընթրիքի յիշատակութեան պատարագին` Սրբազան Հայրը ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին պիտի լուայ կեդրոնի 12 անկարներուն ոտքերը, ի յիշատակութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կատարած այն խոնրահութեան վեհանձն ներգործութեան նշանին, երբ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։ 16 – 86 տարեկան ունեցող 12 անկարներուն երեքը իտալացի չեն ու անոնմէ մէկը 75 ամեայ մահմետական մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.